Նարնիա... ուր վիշապ մը կ՚արթննայ... ուր աստղեր կը քալեն երկրի վրայ...ուր հնարաւոր է ամէն բան։
Թագաւոր մը քանի մը անսպասելի ընկերակիցներով ճամբորդութիւն մը կը ձեռնարկէ, որ զիրենք պիտի տանի բոլոր յայտնի երկրամասերէն անդին։ Երբ աւելի ու աւելի կը հեռանան քարտէսագրուած ծովերէն, կը հասկնան, որ իրենց որոնումը շատ աւելին է, քան կ՚երեւակայեն եւ թէ աշխարհին ծայրը պարզապէս սկիզբ է։
«Արշալոյսի Տիրակալին ճամբորդութիւնը Ք. Ս. Լուսիսի դասական հեքիաթաշարքին երրորդ գիրքն է, որ 1952- ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է առինքնել բոլոր տարիքի ընթերցողները երեւակայական ու կախարդական այնպիսի երկրամասերով, որոնց գոյութեան մասին աւելի քան վաթսուն տարի չէին ալ երազած։
Ասիկա առանձին վէպ մըն է, բայց եթէ կ՚ուզէք շարունակել ճամբորդութիւնը, ապա կարդացէք «Արծաթէ Աթոռը , Նարնիայի Քրոնիկներու հեքիաթաշարքին չորրորդ գիրքը։
Northshire Manchester
4869 Main Street
Manchester Center, VT 05255
ph. 802.362.2200
ph. (toll free) 800.437.3700
Daily 10am-6pm
Directions to Manchester
Northshire Saratoga
424 Broadway
Saratoga Springs, NY 12866
ph. 518.682.4200
ph. (toll free) 855.339.5990
Daily 10am-6pm
Directions to Saratoga Springs